2012-10-12 12:20:37

Հալէպի Մէջ Հայ Զոհ Մը Եւս` Արձակազէնի Փամփուշտով։


Պէյրութի «Ազդակ» թերթը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որը հաղորդեց, թէ Հալէպի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ կը շարունակէ տիրել միեւնոյն հանդարտ մթնոլորտը, սակայն հանդարտութեան կողքին հալէպահայ գաղութը ունեցաւ նոր զոհ մը եւս` 55 տարեկան Ժան Թահհան, որ սպաննուեցաւ ուղղակի գլուխէն ստացած արձակազէնի փամփուշտով` Կոնտոլի հրապարակին վրայ:
«Թահհանի կողքին վիրաւորուեցաւ նաեւ հայ երիտասարդ մը, որ արդէն իսկ բժշկական խնամքի տակ է: Երէկ յետմիջօրէին ունեցանք նաեւ այլ վիրաւոր մը` Նոր Գիւղի շրջանին մէջ: Ան նոյնպէս բժշկական հսկողութեան տակ է», ըսած է Ժիրայր Ռէյիսեան:
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդած է, որ բախումները կը շարունակուին արեւելեան Ղութայի շրջանին մէջ, ուր սուրիական բանակի ուժերը կրցած են վերացնել զինեալ խմբակները:
Մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ լսուեցան ռմբակոծումի ձայներ, իսկ օրուան երկրորդ կիսուն ինքնաթիռներն ու ուղղաթիռները կը սաւառնէին երկինքը: Առեւանգումի պարագաները եւ պայթուցիկ սարքերը վնասազերծելու գործողութիւնները աւելի յաճախակի դարձած են:
Երէկ աւելի ուշ «Ազդակ»-ի թղթակիցը տեղեկացուց նաեւ, որ «Սանա» լրատու գործակալութեան համաձայն, ուշ երեկոյեան պայթուցիկ սարքի միջոցով ահաբեկչական ուժգին պայթում տեղի ունեցաւ Ժամարեք հրապարակին վրայ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան կողքը գտնուող Զինուորական ատեանի շէնքին մօտ. նախնական տուեալներով կան վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.